Ըստ Թուրք երեսփոխանի մը՝ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ քաղաքներ գրաւած ահաբեկիչներուն եկամուտի աղբիւրը Թուրքիան է

By Asbarez | Monday, 16 June 2014

 

ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Թարաֆ» օրաթերթին կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան երեսփոխան Մեհմետ Ալի Էտիպօղլու յայտնած է, որ Թուրքիոյ Ալեքսանտրէթ, Այնթապ, Ուրֆա եւ Քիլիս շրջաններէն՝ գաղտնի ճամբաներով Իրաք անցած եւ շրջաններ գրաւած զինեալները իրենց վերահսկողութեան տակ անցած քարիւղն ու քարիւղամթերքը Թուրքիոյ կը ծախեն՝ միլիոնաւոր տոլարի շահ ապահովելով: «Ատիկա ամբողջ աշխարհը սպառնալիքի տակ պահող ահաբեկչական խմբաւորում մըն է: Անոնք դիւրութեամբ մարդ կը սպաննեն՝ հաւատալով, որ ատկէ ետք դրախտ պիտի յայտնուին: Այդպիսի խմբաւորում ամէն պահու կրնայ Թուրքիոյ վնաս հասցնել», ըսած է երեսփոխանը՝ կոչ ուղղելով չափազանց զգոյշ ըլլալու:

Ան նշած է, որ այդ խմբաւորման անդամները Թուրքիոյ մէջ իշխող վարչակարգը իսլամութեան օրէնքներէն դուրս կը նկատեն եւ այն, ինչ այսօր տեղի կ՛ունենայ Իրաքի մէջ, կրնայ կրկնուիլ նաեւ Թուրքիոյ մէջ:

Էտիպօղլու ըսած է, որ խմբաւորումը իր գրաւած տարածքներէն՝ Սուրիոյ Ռումայլանէն եւ Իրաքի Մոսուլէն քարիւղը Թուրքիոյ կը ծախէ:

Ընդդիմադիր երեսփոխանը ուշադրութիւն հրաւիրած է այն հանգամանքին վրայ, որ Թուրքիա աչք կը փակէ իր տարածքով Եւրոպայէն ու Չեչենիայէն մեծաթիւ զինեալներու՝ Սուրիա եւ Իրաք մուտքին ի տես։ «Անոնց կ՛օգնեն առնուազն հազար թուրքեր: Ատիկա առանց թրքական գաղտնի սպասարկութեան գիտութեան տեղի չէր կրնար ունենալ», ըսած է Էտիպօղլու:

Ներկայիս շուրջ երկու հազար հոր վերահսկող կազմակերպութիւնը օրական 1500 թոն մաքսանենգուած քարիւղ կը ներածէ Թուրքիա: Ատիկա Թուրքիոյ մէջ սպառուող քարիւղին 3.5 առ հարիւրն է:

Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչ հերքեց, թէ Թուրքիա իսլամ ծայրայեղականներուն կ՛աջակցի:


comments

Advertisement