By Asbarez | Tuesday, 17 June 2014
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը համագործակցի ՆԱԹՕի հետ եւ բոլոր ծրագիրներուն առնչութեամբ պիտի շարունակէ համագործակցիլ դաշինքին հետ՝ համաձայն ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն:
Պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան այս հաստատումը կատարած է ի պատասխան «Ազատութիւն» կայանի թղթակիցին այն հարցումին, թէ ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Նիքոլա Պորտիւժայի յայտարարութենէն ետք Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը արդեօք մտադի՞ր է դադրեցնել իր համագործակցութիւնը Հիւսիսատլանտեան դաշինքին հետ:
Նշենք, որ Հայաստան ՀԱՊԿի անդամ է. կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Նիքոլա Պորտիւժան, ըստ «Ռոսպալթ» լրատու գործակալութեան՝ 16 Յունիսին ելոյթ ունենալով Ռուսիոյ խորհրդարանին մէջ, յայտարարած է, որ ՀԱՊԿն մտադիր է դադարեցնել ՆԱԹՕի հետ երկխօսութեան հաստատման փորձերը:
«Նկատի առնելով (ստեղծուած) իրավիճակը, նպատակայարմար է դադարեցնել ՆԱԹՕի հետ երկխօսութեան հաստատման փորձերը՝ եւրոպական հարթակին վրայ բանակցային գործընթացը շարունակելու համար: Խորհուրդ կը տրուի զարգացնել ԵԱՀԿի հետ համագործակցութիւնը», յայտարարած է Նիքոլա Պորտիւժան:
Ան տեղեկացուցած է, որ այս օրերուն կայացած կազմակերպութեան ղեկավար մարմիններու նիստերուն ընթացքին որոշուած է առաջնային նկատել Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան եւ Չինաստանի հետ համագործակցութիւնը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ