Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները թերեւս հանդիպին Փարիզի մէջ. Մորնինկսթար

By Asbarez | Tuesday, 17 June 2014

 

 


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Մորնինկսթար յոյս յայտնած է, որ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի նախագահները կը համաձայնին հանդիպիլ Ֆրանսայի մէջ: Ըստ ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան՝ Մորնինկսթար ըսած է. «Յոյս ունինք, որ մօտիկ ապագային Փարիզի մէջ կը կայանայ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպումը: Միացեալ Նահանգներ կը կարծէ, որ նախագահները փարիզեան հանդիպման ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցով պէտք է յստակ համաձայնութեան գան։
Դեսպանը նշած է սակայն, որ այդ հանդիպման թուականը տակաւին չէ որոշուած:

 


comments