Շաբաթական չորս թռիչք՝ Երեւանի եւ Ապու Տապիի միջեւ

By Asbarez | Tuesday, 17 June 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ.– «Իթիհատ» Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ազգային օդանաւային ընկերութիւնը 2 Յուլիսէն Երեւանի եւ Ապու Տապիի միջեւ պիտի կատարէ կանոնաւոր թռիչքներ՝ շաբաթական չորս անգամ: Այդ առիթով ընկերութիւնը նաեւ բացած է երեւանեան նոր գրասենեակ եւ Տուկի Տուկլասը նշանակած Հայաստանի հարցով գլխաւոր կառավարիչ:


«Այս ծառայութիւնները պիտի նպաստեն Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման, աւելի պիտի ամրապնդեն արդէն իսկ ամուր առեւտրային եւ զբօսաշրջային կապերը Միացեալ Էմիրութիւններուն հետ, եւ պիտի ապահովեն լայն կարելիութիւններ Ապու Տապիի միջոցով կապուելու Ծոցի եւ Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկայի հետ, ուր մեծ հայկական Սփիւռք կը բնակի», յայտարարած է «Իթիհատ»ի գլխաւոր քարոզչական բաժինի ղեկավար Փիթըր Պաումկարընըրը:

«Իթիհատ» ընկերութիւնը Ապու Տապի-Երեւան թռիչքները պիտի կատարէ երկու կարգ ունեցող Airbus A 320 օդանաւերով, որոնք ունին 16 գործարարական եւ 120 պարզ կարգի աթոռներ:


comments

Advertisement