Նալբանդեան կը հանդիպի Գերմանիոյ խորհրդարանի նախագահին հետ

By Asbarez | Tuesday, 17 June 2014

ԵՐԵՒԱՆ.– Պաշտօնական այցելութեամբ Պերլին գտնուող արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 16 Յունիսին հանդիպում ունեցած է Գերմանիոյ խորհրդարանի նախագահ Նորպըրթ Լամըրթին հետ:


Ողջունելով Էդուարդ Նալբանդեանը՝ Նորպըրթ Լամըրթ նշած է, որ հայ-գերմանական համագործակցութիւնը քաղաքական, միջխորհրդարանական, տնտեսական եւ մշակութային բնագաւառներուն մէջ հետզհետէ կ՛ընդարձակուի։

Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ նախարար Նալբանդեան յայտնած է, որ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման իմաստով լուրջ ներդրում ունի փոխգործակցութեան խորհրդարանական ձեւաչափը, որուն ծիրին մէջ աշխոյժ կապեր կը հաստատուին: «Հէնց այս օրերին՝ իմ այցելութեանը զուգահեռ, Հայաստանում են գտնւում Բունդեստագի տարբեր յանձնաժողովներ ներկայացնող պատգամաւորներ, ինչը վկայում է խորհրդարանների միջեւ արդիւնաւէտ համագործակցութեան մասին», շեշտած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայ-գերմանական յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքները, միտքեր փոխանակուած են Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու, Արեւելեան գործընկերութեան ծիրին մէջ իրականացուող փոխգործակցութեան վերաբերեալ: Այս պարունակին մէջ Էդուարդ Նալբանդեան ընդգծած է, որ Վիլնիւսի գագաթնաժողովի ծիրին մէջ Հայաստանն ու Եւրոպական Միութիւնը միացեալ յայտարարութեամբ վերահաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը՝ զարգացնելու եւ ամրապնդելու Արեւելեան գործընկերութեան ծիրին մէջ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր ոլորտներուն մէջ համապարփակ համագործակցութիւնը:

Ողջունելով Եւրամիութեան հետ յարաբերութիւնները ընդլայնելու եւ խորացնելու Հայաստանի պատրաստակամութիւնը՝ խորհրդարանի ղեկավարը նշած է, որ նպատակայարմար է մշակել փոխգործակցութեան այնպիսի ձեւաչափ, որ հաշուի կ՛առնէ այլ համարկման գործընթացներուն մէջ Հայաստանի պարտաւորութիւնները:


comments

Advertisement