Հայ մը կը սպաննուի Պոլսոյ մէջ

By Asbarez | Tuesday, 17 June 2014

 

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Կիրակի, Յունիս 15ի կանուխ ժամերուն, Պոլսոյ Գումգաբու թաղամասին մէջ, Քենետի պողոտային վրայ, հայաստանցի 36ամեայ Համբարձում Յարութիւնեան, իր որդին՝ 11ամեայ Գառնիկ Յարութիւնեան եւ Մարտին անունով այլ հայաստանցի մը անծանօթ պատճառներով վիճաբանութիւն մը ունեցած են իրենց քով նստած քանի մը ուրիշ անձերու հետ, որոնք եւս, ըստ հաղորդուած լուրերու, հայաստանցիներ են։


Վիճաբանութիւնը վերածուած է դաշոյնով ծեծկռտուքի։ Կռիւի ընթացքին Համբարձում Յարութիւնեան փորձած է փրկել իր որդին ու դաշունահարուած է։ Ան վիրաւորեալ վիճակի մէջ կրցած է դէպքի վայրէն հասնիլ մինչեւ Գումգաբուի հանրակառքի կայարանը, ուր սակայն արնաքամ վիճակով գետին տապալած է։ Շտապ օգնութեան աշխատակիցներ չկրցան փրկել Համբարձում Յարութիւնեանի կեանքը, ու ան տեղւոյն վրայ մահացած է։ Գալով իր որդւոյն՝ Գառնիկին եւ Մարտին անունով անձին, անոնք վիրաւորեալ վիճակի մէջ փոխադրուած են հիւանդանոց եւ առնուած են հսկողութեանե տակ։


Կարգ մը աղբիւրներ կը նշեն, որ ոճրագործը հայաստանցի մըն է, որ յաջողած է խոյս տալ դէպքի վայրէն։


comments

Advertisement