Մալիքի կը դատապարտէ Ռիատի քաջալերանքով իրականացուող «Ցեղասպանութիւնը»

By Asbarez | Tuesday, 17 June 2014

 

ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըըրզ».- Երեքշաբթի, Յունիս 17ին, Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքի ոչ միայն անտեսեց իր կառավարութեան կամ խորհրդարանին մաս կազմող սիւննիներուն հետ գործակցութիւնը սերտացնելու ամերիկեան կոչը, այլ զանոնք «դաւաճան» նկատեց՝ միաժամանակ դատապարտելով իսլամ ծայրայեղականներուն նեցուկ կանգնող սիւննի երկիրները, յատկապէս Սէուտական Արաբիան։ Ան պնդեց, թէ Ռիատի քաջալերանքով «ցեղասպանութիւն» կ՛իրականացուի Իրաքի մէջ։
Իրաքի կառավարութեան համակիր ուժերը Երեքշաբթի օր հաղորդեցին, թէ կրցած են ձախողութեան մատնել Պաքուպա քաղաքը գրաւելու իսլամ ծայրայեղականներու փորձը։


Միւս կողմէ, ՆԱԹՕի ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսեն Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի հետ զրուցելէ ետք յայտնած է, թէ Իրաքի մէջ առեւանգուած 49 թուրք դիւանագէտները պէտք է արագ կերպով ազատ արձակուին: «Խորապէս անհանգիստ ենք Իրաքի իրավիճակին առնչութեամբ եւ կը քննադատենք այդ յարձակումը: Մենք կոչ կ՛ուղղենք անյապաղ ազատ արձակելու առեւանգեալները: Ոչինչ կրնայ արդարացնել այդ յանցագործութիւնը», ըսած է Ռասմուսեն։

Նաեւ, «Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Իրան այս շաբթուան ընթացքին ուղիղ բանակցութիւններ պիտի վարեն Իրաքի իրավիճակին շուրջ, ուր իսլամական զինեալները իրենց հակակշիռին տակ կը պահեն շարք մը տարածքներ: Թերթը կը նշէ, որ Ուաշինկթըն շահագրգռուած է Իրանի եւ շրջանի այլ պետութիւններու հետ քննարկելու «Իրաքի եւ Շամի (Սուրիա) իսլամական պետութիւն» շարժումին հակազդելու ջանքերը համակարգելու կարելիութիւնները: Տակաւին յստակ չէ հաւանական հանդիպման վայրը եւ թուականը:

 


comments

Advertisement