Ընդդիմադիրները մէկ թեկնածուով պիտի մասնակցին Թուրքիոյ նախագահական ընտրութեանց

By Asbarez | Tuesday, 17 June 2014

 



ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան գլխաւոր ընդդիմադիր Հանարապետական ժողովրդային եւ Ազգայնական շարժում կուսակցութեանց ղեկավարները՝ Քեմալ Քըլըճտարօղլու եւ Տեւլեթ Պահչելի, Երկուշաբթի, Յունիս 16ին, հանրապետութեան նախագահութեան ընտրութեան կապակցութեամբ իրենց տեսակէտները պարզեցին մամուլին։

Առաջին յայտարարութիւնը կատարեց Քըլըճտարօղլու, որ ըսաւ. «Մենք որպէս թեկնածու կ՛առաջարկենք Էքմելետտին Իհսանօղլուն, որ իր ուղղամտութեամբ եւ զարգացումով օրինակ կը հանդիսանայ բոլորին։ Ան այս նիւթին մասին պիտի արտայայտէ իր գաղափարները։ Կռիւներէ զերծ, խաղաղութեան եւ անդորրութեան վրայ հիմնուած նոր շրջան մը կ՛ուզենք տեսնել»։

Իր կարգին, Պահչելի ըսաւ. «Մեր կուսակցութիւնը համակարծիք է, որ Էքմելետտին Իհսանօղլուն առաջարկուի նախագահութեան։ Ուրախ ենք, որ Հանարապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը արժէքաւոր անձի մը անունը առաջարկած է»։

Իհսանօղլու ծնած է 1943ին, Գահիրէ։ Հրատարակած է բազմաթիւ գիրքեր՝ զանազան լեզուներով, գիտութեան, պատմութեան, թրքական մշակոյթին, իսլամ աշխարհին եւ Արեւմուտքի փոխյարաբերութիւններուն մասին։

Մինչ ընդդիմութիւնը կը յայտարարէր Իհսանօղլուի թեկնածութեան մասին, լրատուամիջոցները սկսան հրապարակելու իշխող շրջանակներու կողմէ Իհսանօղլուի ուղղուած քննադատութիւններու զանազան հրապարակումներ։

 


comments

Advertisement