Ապպաս կը դատապարտէ Իսրայէլեան ոտնձգութիւնները

By Asbarez | Tuesday, 17 June 2014

ՌԱՄԱԼԼԱ, «Ռոյթըրզ».- Իսրայէլեան ուժերը Երկուշաբթի, Յունիս 16ին շարունակեցին ձերբակալել «Համաս»ի գործիչներն ու ականաւոր դէմքերը, առեւանգուած երեք իսրայէլացի պատանիներու փնտռտուքին ընթացքին: Կը հաղորդուի, որ իսրայէլեան կառավարութիւնը այժմ կը քննէ որդեգրումը շարք մը միջոցառումներու, ներառեալ՝ «Համաս»ի ղեկավարներու Կազա վտարումը:


Հրէական կրօնական դպրոցի մը երեք ուսանողներ, անցած շաբաթավերջին անհետացած էին պաղեստինեան Հեպրոն քաղաքին մօտ: Իսրայէլացի մեծաթիւ զինուորներ փնտռտուքի հսկայական արշաւի մը ձեռնարկած են եւ կարգ մը շրջաններու մէջ տուն առ տուն խուզարկութիւն կը կատարեն: Անոնք աւելի քան 150 պաղեստինցի ձերբակալած են, ներառեալ՝ պաղեստինեան խորհրդարանի 10 անդամներ:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու առեւանգումին համար «Համաս»ը ամբաստանեց, սակայն այդ առնչութեամբ որեւէ փաստ չներկայացուց: Ան ըսաւ, որ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս եւս պատասխանատու է առեւանգումին՝ պնդելով, որ պաղեստինեան Ազգային համաձայնական կառավարութեան կազմութիւնը առեւանգումին համար յարմար մթնոլորտ ստեղծած էր:

Այս առթիւ, Նեթանիահու Ապպասի հետ ունեցաւ հեռաձայնային զրոյց մը, որուն ընթացքին Ապպասէն խնդրեց առեւանգեալներու փնտռտուքին եւ զանոնք առեւանգողներու ձերբակալման օժանդակել: Ապպաս, իր կարգին դատապարտեց երեք իսրայէլացիներու առեւանգումը, սակայն նոյն ատեն դատապարտեց «իսրայէլեան իրերայաջորդ ոտնձգութիւնները»:


comments

Advertisement