Թուրքերը Անիի մէջ նորաձեւութեան ցուցադրութիւն կատարած են

By Asbarez | Tuesday, 17 June 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուր-քիոյ «Այտըն» համալսարանը, Կարսի մէջ կայացող «Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան միջազգային օրեր» կոչուած միջոցառման ծիրէն ներս, պատմական Անի մայրաքաղաքին մէջ նորաձեւութեան ցուցադրութիւն մը կազմակերպած է:


Թրքական «Հապերլեր» լրատուական կայքին համաձայն՝ ցուցադրութեան ընթացքին ներկայացուած են նաեւ տարբեր ազգութիւններու աւանդական հագուստներ, որոնք պատրաստուած էին համալսարանի ուսանողներուն եւ դասախօսներուն մասնակցութեամբ: Միջոցառման մասնակցած են Կարս նահանգի գործադիր իշխանութեան եւ մշակութային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

Թրքական «Elle Turkey» ամսագիրը իր 2011ի Դեկտեմբերի թիւով տպագրած էր Անիի մէջ նորաձեւութեան այլ ցուցադրութեան մը լուսանկարները:


comments

Advertisement