Լաւրով կը կրկնէ պայմանը. Հայաստան Եւրասիական Միութեան պիտի միանայ ՄԱԿի ճանչցած սահմաններով

By Asbarez | Wednesday, 18 June 2014

 

ՊԱՔՈՒ.- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, Յունիս 22-23 Հայաստան կատարելիք այցելութենէն առաջ մեկնած է Պաքու, ուր յայտարարած է, որ Հայաստան Եւրասիական միութեան պիտի միանայ՝ ՄԱԿի ճանչցած սահմաններով:


«Ի՞նչ սահմաններով Հայաստան պիտի միանայ Եւրասիական միութեան» հարցումին, Միութեան հիմնադիր անդամ երեք երկիրներէն միայն Ռուսիան չէր պատասխանած: Լաւրով Պաքուի մէջ լրացուցած է այս բացը:

«Հայաստան արդէն իսկ յայտարարած է, որ նաեւ Առեւտուրի համաշխարհային կազմակեպութեան պիտի միանայ՝ ՄԱԿի կողմէ ճանչցուած սահմաններով եւ ուրիշ սահմաններու հանդէպ որեւէ յաւակնութիւն չունի: Նոյնը պիտի ըլլայ նաեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան պարագային», յայտարարած է լաւրով:

Այս խնդիրին վերաբերեալ, վերջերս իր դիրքորոշումը յայտնած էր նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, որուն կարծիքով՝ Ղարաբաղի խնդիրը Մաքսային միութեան միջոցաւ չէ որ պիտի լուծուի: Նախագահ Սարգսեան Ծաղկաձորի մէջ երիտասարդ հանրապետականներու հետ հանդիպման ընթացքին հարց տուած էր, թէ՝ «Իսկ ո՞վ է ասել, որ մենք Ղարաբաղով ենք մտնելու Մաքսային միութիւն»: «Այդպիսի բան չի եղել եւ չի էլ կարող լինել, որովհետեւ Ղարաբաղը գոնէ մեր օրէնսդրութեամբ, գոնէ մեր պատկերացումներով՝ այսօր Հայաստանի մաս չի կազմում: Իսկ որ Մաքսային միութեանն անդամակցելը նպաստում է Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի լուծմանը՝ սա միանշանակ է», յայտնած էր Սարգսեան:

Սերկէյ Լաւրով Ատրպէյճանի իր պաշտօնակից Էլմար Մամետեարովի հետ համատեղ ասուլիսի մը ընթացքին, պատասխանելով ատրպէյճանցի լրագրողի այն դիտարկման, որ եթէ Ատրպէյճանը հրաւիրեն Եւրասիական միութիւն, ապա անոր դրական պատասխանին պարագային ի՞նչ լուծում կ՛ունենայ Ղարաբաղի խնդիրը՝ յայտնեց, որ Ղարաբաղի խնդիրը առնչութիւն չունի եւրասիական տնտեսական միաւորման գործընթացներուն հետ: Այդ գործընթացները, ըստ Լաւրովի՝ կ՛իրականացուին Մաքսային միութեան պետութիւններու տարածքներուն վրայ: «Ղարաբաղը այդպիսի պետութիւն չէ, Ղարաբաղը միջազգային բանակցութիւններու առարկայ է, իսկ այդ բանակցութիւնները կ՛ընթանան շարք մը պետութիւններու կողմէ համաձայնեցուած սկզբունքներու հիման վրայ», յայտարարաեց Լաւրով:

Լաւրովի հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք կայացած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով յայտարարած է, որ իրենք քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հարցը «մեռեալ կէտէն» փոխադրելու կարելիութիւնները: Այս մասին հաղորդած է «APA» լրատու գործակալութիւնը։

«Ռուսիան ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ է: Առկայ «սթաթիւս-քօ»ն անընդունելի է: Մենք քննարկած են, թէ ինչպէ՛ս կարելի է խնդիրը «մեռեալ կէտէն» այլ տեղ հասցնել», յայտնած է Մամետեարով։

Լաւրով իր կարգին նշած է, որ Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ «ռազմավարական գործընկերութեան ոգիով զարգացող» բազմաթիւ ծրագիրներ եւ բարիդրացիական յարաբերութիւններ առկայ են: «Մենք Ատրպէյճանը կը նկատենք լուրջ գործընկեր Հարաւային Կովկասի մէջ եւ շահագրգռուած ենք այդ յարաբերութիւններու ամրապնդմամբ: Այդ յարաբերութիւնները աւելի աշխոյժ բնոյթ ստացած են Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի՝ անցած տարի Ատրպէյճան կատարած այցելութենէն ետք», հաստատած է Լաւրով։

 


comments

Advertisement