Օպամա զինուորական խորհրդատուներ կ՛ուղարկէ Իրաք

By Asbarez | Thursday, 19 June 2014

 

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգները երեք հարիւր զինուորական խորհրդատու պիտի ուղարկէ Իրաք, իբրեւ աջակցութիւն իրաքեան բանակի՝ «Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութիւն» կոչուած ահաբեկչական կազմակերպութեան զինեալներու յառաջխաղացքը կասեցնելու ճիգերուն:


ԱՄՆի Ռազմական գերատեսչութիւնը նախագահ Օպամային ներկայացուցած է ծրագիր մը, ըստ որուն՝ ամերիկեան բանակի յատուկ նշանակութեամբ մասնագէտներ պիտի ուղարկուին Իրաք, իբրեւ խորհրդատուներ իրաքեան զօրքերուն:

Նշենք, որ Իրաքի կառավարութիւնը ԱՄՆէն խնդրած էր, որ ամերիկեան ռազմական ինքնաթիռները մասնակից ըլլան ահաբեկիչ զինեալները կասեցնելու ճիգերուն: Օպամա, իր ազգային ապահովութեան խորհրդատուներուն հետ կը քննէ այս դիմումը եւս: «Միացեալ Նահանգները պատրաստ է յատուկ թիրախներ հարուածելու Իրաքի մէջ, եթէ կացութիւնը նման միջամտութիւն մը պահանջէ», յայտարարծ է նախագահ Օպամա՝ յստակացնելով, սակայն, որ ամերիկեան զօրքերը Իրաք պիտի չմտնեն:


comments