Կռիւները կը շարունակուին Իրաքի քարիւղամշակման մեծագոյն գործարանին շուրջ

By Asbarez | Thursday, 19 June 2014

 

ՊԱՂՏԱՏ.- Իրաքի քարիւղի մշակման մեծագոյն գործարանը՝ Պայճի մէջ, որ մայրաքաղաքէն երկու հարիւր քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի, ներկայ դրութեամբ կը գտնուի պետութեան հակակշիռին տակ: «Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութեան» զինեալները, սակայն, պաշարած են այս Պայճի գործարանը, ուր կը մշակուի երկրին մէջ օգտագործուող քարիւղին մեծ մասը:


Գործարանի աշխատանքներու դադրեցումը՝ վերջին օրերու կռիւներուն պատճառով, խուճապի մատնած է Իրաքի Քիւրտիստանի բնակչութիւնը:
Նշենք, որ բանակին եւ ահաբեկիչ զինեալներուն միջեւ սաստիկ կռիւներ կը մղուին Իրաքի հիւսիսային եւ արեւմտեան շրջաններուն մէջ: Ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող Թալ Աֆար քաղաքի օդակայանին շուրջ եւս թէժ մարտեր կ՛ընթանան:


comments

Advertisement