By Asbarez | Thursday, 19 June 2014
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Արազ Ազիմով հրապարակային ձեւով փորձած է կաշառել Մոսկուան:
«APA»ի համաձայն՝ Ազիմով յայտնած է, որ Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման ընթացքին (Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի Պաքու կատարած այցելութեան ծիրին մէջ) քննարկուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը:
Ռուսիա սկիզբը յատուկ դիրքորոշում որդեգրած էր այս հարցով: Հակամարտութեան նախնական հանգրուանին Ռուսիան նոյնիսկ բացասական ազդեցութիւն ունեցած էր:
Փոխնախարարին համաձայն՝ անկէ ետք Ռուսիան՝ որպէս ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող երկիր, այդ հարցին մէջ միասնական մօտեցում ձեւաւորած է:
«Իմ կարծիքով, տարածաշրջանին մէջ Ռուսիոյ հիմնական շահը պէտք է կապուած ըլլայ Ատրպէյճանին, որ ունի մեծագոյն տարածքը, մեծաթիւ բնակչութիւնը՝ կայուն, յուսալի եւ որակեալ կառավարութեամբ: Ատրպէյճան Ռուսիոյ համար կրնայ ըլլալ լաւ գործընկեր: Իմ կարծիքով՝ Ռուսիոյ հիմնական հետաքրքրութիւնը պէտք է ըլլայ Ատրպէյճանը համարել որպէս զարգացած, կայուն ու յուսալի ռազմավարական ընկեր: Ռուսիա շատ բաներու կրնայ հասնիլ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ օգնելով Ատրպէյճանին», դիտել տուած է Ազիմով։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ