Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւնները ռազմավարական բնոյթ ունին. Ալիեւ

By Asbarez | Friday, 20 June 2014

 

 


ՊԱՔՈՒ.- «Էյ.Փի.Էյ.» լրա-տու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ընդունած է ներկայիս Պաքու գտնուող Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը: Ընդգծելով երկկողմանի յարաբերութիւններու աշխոյժ եւ յաջող զարգացումը՝ Ալիեւ յոյս յայտնած է, որ Լաւրովի այցելութիւնը դրական ազդեցութիւն կ՛ունենայ յարաբերութիւններու հետագայ ամրապնդման վրայ: Ան ըսած է, որ Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ յարաբերութիւնները կը զարգանան բոլոր մարզերուն մէջ:

Լաւրով, իր կարգին, Ալիեւին փոխանցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ջերմ ողջոյնները: Ան նշած է, որ իրենք կը կիսեն Ալիեւի տեսակէտը այն մասին, որ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները ռազմավարական բնոյթ ունին եւ յաջողութեամբ կը զարգանան: Ան նաեւ նշած է, որ Ատրպէյճանն ու Ռուսիան յաջողութեամբ կը համագործակցին շրջանային եւ միջազգային մակարդակներու վրայ:

Լաւրով հանդիպումին ընթացքին նաեւ խօսած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներու նախորդ հանդիպումին, հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներուն մասին:

 


comments

Advertisement