Ծայրայեղականները երկիրէն վտարելու կոչ Իրաքի շիիներու կրօնապետէն

By Asbarez | Friday, 20 June 2014

ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Իրաքի շիիներու գերագոյն կրօնապետ այաթոլլա Ալի Սիսթան Ուրբաթ, Յունիս 20ին կոչ ըրաւ Իրաքի ժողովուրդին, որ կառավարութեան նեցուկ կանգնելով՝ իսլամ ծայրայեղական զինեալները երկիրէն դուրս վտարէ, միաժամանակ շեշտելով, որ Իրաքի յաջորդ կառավարութիւնը պէտք է աւելի ազդու ըլլայ՝ անուղղակիօրէն քննադատելով վարչապետ Նուրի Մալիքիի կառավարութիւնը:

Իր կարգին, Իրանի իշխանութիւնները քննադատեցին Իրաքին բաւարար օժանդակութիւն չտրամադրելու Միացեալ Նահանգներու կեցուածքը՝ աւելցնելով, թէ Ուաշինկթըն իր այդ կեցուածքով ցոյց կու տայ, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու կամք չունի:

Միւս կողմէ, Իրաքի Սալահետտին նահանգին մէջ, իսլամ ծայրայեղականներու Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութիւն կազմակերպութեան կողմէ առեւանգուեցան այն բանուորները, որոնք կ՛աշխատէին թրքական հաստատութեան մը պատկանող հիւանդանոցի մը շինութեամբ։ Կազմակերպութիւնը ազատ արձակեց առեւանգուած այն բանուորները, որոնք արաբ էին։ Ազատ արձակուած բանուոր մը յայտնեց, թէ ձերբակալեալներուն մէջ կը գտնուին Թուրքիոյ 15 քաղաքացիներ։ Մնացեալ 60 բանուորները Փաքիստանէն, Պանկլատեշէն, Նեփալէն եւ Թիւրքմէնիստանէն են։

Ինչպէս ծանօթ է, նոյն կազմակերպութիւնը Մոսուլը գրաւելէ ետք պատանդ առած էր Թուրքիոյ աւագ հիւպատոսը, հիւպատոսարանի 49 պաշտօնակատարները եւ 31 թուրք վարորդներ։ Նկատի առնելով Իրաքի մէջ օրըստօրէ ծաւալող բռնարարքները՝ Թուրքիա դատարկած է Պասրա քաղաքի իր հիւպատոսարանը։ Հիւպատոսարանի պաշտօնէութիւնը Քուէյթ անցած է։


comments

Advertisement