Հալէպ՝ աշխարհի ամենավտանգաւոր քաղաքը

By Asbarez | Friday, 20 June 2014

 

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկեան «Լայվ Ուայըր» հիմնարկը կազմած է աշխարհի ամենավտանգաւոր քաղաքներու ցանկը՝ նկատի առնելով այդ քաղաքներուն մէջ կատարուած սպանութիւնները։ Տասնեակի առաջատարն է Սուրիոյ տնտեսական մայրաքաղաք Հալէպը, ուր երկու տարիէ ի վեր կառավարական ուժերուն եւ ապստամբներուն միջեւ բախումներ տեղի կ՛ունենան։ Բախումներու եւ ռմբակոծումներու հետեւանքով, բացի մարդկային հազարաւոր կորուստներէն՝ քաղաքը ահռելի նիւթական վնասներ կրած է ու կը շարունակէ կրել մինչեւ այսօր։


Հալէպին կը յաջորդէ Հոնտուրասի Սան Փետրօ Սուլա քաղաքը, որ աշխարհի մէջ սպանութիւններու մայրաքաղաքը կը նկատուի։ Անցած տարի այդ քաղաքին մէջ սպաննուած էին աւելի քան 1400 անձեր։ Երրորդն է Վենեզուելլայի մայրաքաղաք Քարաքասը, չորրորդը՝ Հարաւային Ափրիկէի Քէյփթաունը, 5րդը՝ Աֆղանիստանի Քապուլը, 6րդը՝ Մեքսիքայի Աքափուլքօն, 7րդը՝ Սոմալիոյ Մոկատիշուն, 8րդը՝ Փաքիստանի Քարաչին, 9րդը՝ Պրազիլի Մասէօն եւ 10րդը՝ Նիւ Ճըրզիի Քեմտըն քաղաքը։


comments

Advertisement