Ճան Քերի Ամերիկեան հզօր աջակցութիւն կը խոստանայ Իրաքին

By Asbarez | Monday, 23 June 2014

 

ՊԱՂՏԱՏ.- Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գորոց նախարար Ճան Քերի Երկուշաբթի, 23 Յունիսին, Պաղտատի մէջ քաղաքական կարեւոր դէմքերու հետ իր ունեցած հանդիպումներէն ետք յայտարարեց, թէ Ամերիկա պատրաստ է հզօր աջակցութիւն ցուցաբերելու Իրաքի կառավարութեան՝ «Սուրիոյ եւ Շամի Իսլամական հանրապետութիւն» անունով հռչակուած զինեալ ահաբեկիչներուն դէմ անոր պայքարին մէջ:


Նշենք, որ ահաբեկիչները անցեալ օրերուն իրենց հակակշիռին տակ առած են առաւել մեծ շրջաններ՝ Իրաքի հիւսիսային եւ արեւմտեան գօտիներէն, նաեւ գրաւած են Սուրիոյ եւ Յորդանանի հետ Իրաքի սահմանային բոլոր անցակէտերը: Իսկ իրաքեան բանակը կորսնցուցած է իր հակակշիռը Թալ Աֆարի ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող օդակայանին վրայ:

Նշենք, թէ Քերի, Երկուշաբթի օր, Պաղտատի մէջ հանդիպեցաւ վարչապետ Նուրի Մալիքիին, ինչպէս նաեւ շիա եւ սիւննի համայնքներու ղեկավարներուն հետ:
«Ամերիկայի աջակցութեամբ, իրաքեան ապահովական ուժերը պիտի կարենան աւելի ազդու կերպով դիմակայել (ահաբեկիչները) եւ տէր կանգնիլ Իրաքի գերիշխանութեան», յայտարարեց Քերի՝ աւելցնելով. «Իրաքի գոյութիւնն իսկ սպառնալիքի տակ է, եւ անոր ղեկավարները պէտք է դիմագրաւեն այս վտանգը: Իրաքի ապագան կախեալ է այն որոշումներէն, որոնք պիտի առնուին յառաջիկայ օրերուն, եւ Իրաքի ղեկավարներու կարողութենէն՝ միացեալ դիրքորոշումով դէմ կանգնելու (ահաբեկիչներուն)»:

 


Իր կարգին, վարչապետ Մալիքի Քերիին յայտնեց, թէ պատրաստ է մինչեւ Յուլիս 1 նոր կառավարութիւն մը կազմելու:

 


comments