Լաւրով՝ Լեռնային Ղարաբաղի, Հայ–Թրքական յարաբերութիւններուն եւ Հայաստանի Եւրասիոյ համարկման մասին

By Asbarez | Monday, 23 June 2014

 

 


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստան գտնուող Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Հայաստանի նախագահին եւ արտաքին գործոց նախարար Նալբանդեանի հետ ունեցած հանդիպումներէն ետք տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնած է, որ Հայաստանի իր պաշտօնակիցին հետ քննարկուած են տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցերէն մինչեւ երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական համագործակցութեան հետագայ խորացման հարցեր: Ան հաստատած է, որ Հայաստանի հետ Ռուսիոյ կապերը հիմնուած են ռազմավարական գործընկերութեան վրայ, որ խարսխուած է դարաւոր բարեկամութեան, բարիդրացիական եւ փոխօգնութեան կապերու վրայ, որոնց մէջ զոյգ պետութիւնները կը տեսնեն զարգացման եւ տարածաշրջանային կայունութեան համար բարենպաստ պայմաններ:
Ան յայտնած է, որ դիտարկած են նաեւ Հայաստանի՝ եւրասիական համարկման գործընթացներուն միանալու հարցերը, զորս Ռուսիա աշխոյժ կերպով կը պաշտպանէ։
Լաւրովի համաձայն՝ քննարկուած են նաեւ հարցեր Մերձաւոր Արեւելքի մէջ եւ Ափրիկէի հիւսիսը տեղի ունեցող դէպքերուն առնչուած: «Սուրիան ու Իրաքը երկիրներ են, որոնք լուրջ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն մեր ռուս եւ հայ հայրենակիցներուն համար, եւ, ի հարկէ, մենք կ՛ուզենք, որ հոն կրկին տիրէ խաղաղութիւնն ու հանգստութիւնը»։ Ան անդրադարձած է ահաբեկչութեան, որ կը վերաբերի Սուրիոյ, Իրաքին, Լիբանանին, Եմէնին եւ այլ երկիրներու, ուր կը փորձեն ներթափանցել «ահաբեկչական խմբաւորումները»: «Եթէ մենք բոլորս հաստատենք հակաահաբեկչական ջանքեր գործադրելու կարեւորութիւնը եւ միաւորուինք արդիւնաւէտ գործելու նպատակով, համոզուած եմ, որ հակամարտութիւններու քաղաքական կարգաւորումը աւելի դիւրին պիտի ըլլայ»։

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին համաձայն՝ անդրադարձ կատարուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման: «Ռուսիան, ինչպէս երկկողմանի յարաբերութիւններու տեսանկիւնէ, այնպէս ալ որպէս Մինսկի խումբի համանախագահ երկիր, կողմ է հակամարտութեան շուտափոյթ կարգաւորման: Մենք կը մեկնինք անկէ, որ այս խնդիրի լուծման հիմք գոյութիւն ունի: Ես նկատի ունիմ այն սկզբունքները, որոնք շեշտադրուած են Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի նախագահներու յայտարարութիւններուն մէջ՝ վերջին չորսէն հինգ տարիներուն: Հիմա գլխաւորը այդ սկզբունքները գործնականօրէն կեանքի կոչելու ուղիներու եւ յաջորդական քայլերու մշակումը համաձայնեցնելու մէջ է: Ռուսական կողմը՝ որպէս համանախագահող երկիրներէն մէկը պիտի ձգտի 2013ի աւարտին թարմացուած Հայաստանի ու Ատրպէյճանի նախագահներու ուղղակի երկխօսութեան շարունակութեան՝ նպաստելով կարգաւորման մնացած հարցերուն մէջ լուծումներ գտնելուն:

Ռուս լրագրող մը հարցուցած է, որ նկատի ունենալով Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ լաւ յարաբերութիւնները վերջին շրջանին, կրնա՞յ ըլլալ, որ Ռուսիան աջակցի հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման։

Լաւրով պատասխանած է, որ Ռուսիան պատրաստ է աջակցելու հայ-թրքական արձանագրութիւններու կեանքի կոչման՝ երկու երկիրներու կողմէ, եթէ այդ առնչութեամբ փափաք ըլլայ։ «Մինչեւ արձանագրութիւններու ստորագրութիւնն ու անկէ ետք մենք արտայայտած ենք մեր պատրաստակամութիւնը՝ ներդրում ունենալու յարաբերութիւններու այն ձեւերուն մէջ, որոնք ձեռնտու են թէ՛ Հայաստանին, թէ՛ Թուրքիոյ: Ծրագիրներուն մէջ կային ենթակառուցուածքներու ստեղծման նախագիծեր, որոնց կարգին՝ երկաթգծային, որոնք պիտի կապէին ազգերը, երկիրները, առանձին շրջանները: Այս բոլորը ուժի մէջ են, բայց կը վերաբերին երկու երկիրներուն, որոնք ստորագրած են արձանագրութիւնները: Մենք պատրաստ ենք աջակցելու այս բոլորի իրականացման», դիտել տուած է ան։

 


comments

Advertisement