Փութին եւ Ալիեւ քննարկած են Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցը

By Asbarez | Monday, 23 June 2014

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ եւ քննարկած Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցը: Այս մասին կը հաղորդէ Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը:

«Կարծիքներու փոխանակման ընթացքին, քննարկուած են տարածաշրջանային հարցեր, ինչպէս՝ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի կարգաւորման հարցը: Ռուսական կողմը հաստատած է իր պատրաստակամութիւնը՝ խաղաղ լուծում մը գտնելու հարցին օժանդակելու գծով», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Նաեւ, նախագահները նշած են ռուս-ատրպէյճանական բարձր մակարդակի համագործակցութեան կարեւորութիւնը եւ խօսած են անոր հետագայ զարգացման մասին:


comments

Advertisement