Սարքոզի Հարաւային Կովկաս Պիտի Այցելէ

By Էյ. Փի.Էյ. | Monday, 26 September 2011

ՊԱՔՈՒ.- Ատրպեճանական «Էյ. Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի Հոկտեմբեր 6-7ին Հարաւային Կովկաս պիտի այցելէ։

Այցելութեան ընթացքին, Սարքոզին հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հետ։ Հանդիպումներուն ընթացքին պիտի քննարկուին կարգ մը հարցեր, որոնց շարքին՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը։

comments