By Ինթըրֆաքս | Monday, 26 September 2011
ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ինթըրֆաքս».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ, մեկնաբանելով Սեպտեմբեր 18ին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կայացած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները՝ յայտարարած է, որ անոնք ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման վրայ չեն կրնար ազդել։
«Ռուսիան, ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահող միւս երկիրներուն՝ Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի հետ, սերտ փոխգործողութեամբ՝ աշխոյժ միջնորդական ջանքեր կը գործադրէ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ։ Մենք պիտի շարունակենք օժանդակել հայկական եւ ատրպեճանական կողմերուն՝ կարելի եղածին չափ շուտ հասնելու համար ղարաբաղեան հանգոյցի փոխզիջումնային հանգուցալուծման։ Մենք կը հաստատենք մեր աջակցութիւնը տարածքային ամբողջականութեան, ուժի չկիրարկման, ինչպէս նաեւ այլ հիմնարար սկզբունքներուն եւ միջազգային իրաւունքի չափանիշերուն։ Ինչպէս յայտնի է, Ռուսիա Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնը իբրեւ անկախ պետութիւն չի ճանչնար։ Կը կարծենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւնները չեն կրնար ազդել հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ընթացքին վրայ», ըսուած է Լուքաշեւիչի յայտարարութեան մէջ։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ