Էրտողանի դէմ բողոքի ցոյց Լիոնի մէջ

By Asbarez | Tuesday, 24 June 2014

 

Յունիս 21ին, 1000 ցուցարարներ, որոնց շարքին ալեւի թուրքեր, հայեր եւ քիւրտեր բողոքի ցոյց կատարեցին Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի դէմ, որ յատուկ այցելութիւններ սկսած է Եւրոպայի թրքական գաղութներուն, ամրապնդելու համար նախագահական ընտրութիւններու իր թեկնածութեան աջակցողներու շարքերը:
Ցուցարարները բարձրացուցած էին պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էին «Թուրքիոյ բռնապետ, հեռացիր», «Հաւասարութիւն եւ ազատութիւն բոլորին», «Ազատութիւն հայ ժողովուրդին»…


comments

Advertisement