Մամետեարով Հանդիպում Ունեցած Է Ուրուկուէյի Արտաքին Գործոց Նախարարին Հետ

By Asbarez | Monday, 26 September 2011

ՊԱՔՈՒ.- Ատրպեճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով Նիւ Եորքի մէջ, ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի 66րդ նստաշրջանի ծիրէն ներս, հանդիպում մը ունեցած է Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարար Լուիս Ալմակրոյի հետ։

Մամետեարով Ալմակրոյի հետ քննած է ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը։ Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարը յայտնած է, որ իր երկիրը կը յարգէ միջազգային իրաւունքի արժեչափերն ու սկզբունքները եւ կը զօրակցի ղարաբաղեան հակամարտութեան միջազգային իրաւունքի հիմամբ կարգաւորման։

Նշենք, որ մօտաւորապէս երկու շաբաթ առաջ, Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարը աննախադէպ յայտարարութիւն մը կատարած էր Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին առնչութեամբ։ Ան ըսած էր, որ Ուրուկուէյ կ՛ուսումնասիրէ հարցը՝ անոր մասին պետական տեսակէտ յայտնելու համար: Ան աւելցուցած էր, թէ տագնապին լաւագոյն լուծումն է Լեռնային Ղարաբաղը կցել Հայաստանին, կամ՝ ընդնուիլ անոր անկախութիւնը:

comments

Advertisement