Ճան Քերի կը խորհրդակցի անկախութեան մասին մտածող Քիւրտ ղեկավարներու հետ

By Asbarez | Tuesday, 24 June 2014

 

ԱՐՊԻԼ.- Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի Երեքշաբթի օր Արպիլի մէջ հանդիպած է Քիւրտիստանի նախագահ Մասուտ Պարզանիի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ:


Մէկ օր առաջ, 23 Յունիսին, Պարզանի «Սի.Էն. Էն»ի թղթակից Քրիստիան Ամանփուրի հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարած էր, որ ներկայ պայմաններուն տակ, երբ Իրաքը բացայայտօրէն քայքայման եզրին է, ժամանակը եկած է հաւանաբար, որ քիւրտերը յառաջ մղեն իրենց անկախութեան հարցը:
«Յստակ է, որ կեդրոնական իշխանութիւնը ամէն ինչի վրայ իր հակակշիռը կորսնցուցած է: Բոլոր կառոյցները փլուզման վիճակի մէջ են՝ բանակը, ոստիկանութիւնը, ամէ՛ն ին»չ, յայտնած է Պարզանի:


comments

Advertisement