Նաւարայի խորհրդարանը կը ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը

By Asbarez | Tuesday, 24 June 2014

 

 


Սպանիոյ Նաւարա ինքնավար մարզի խորհրդարանը Երկուշաբթի, Յունիս 23ին ընդունեց Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման հռչակագիր մը, որուն մէջ կ՛ըսուի, որ «դէպքերը, որոնց պատճառով տուժած է հայ ժողովուրդը, իսկական ցեղասպանութիւն են»:

Հռչակագիրը նաեւ կը դատապարտէ այդ ժամանակուան թրքական իշխանութեանց քաղաքականութիւնը եւ Թուրքիոյ կոչ կ՛ընէ «դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու Հայաստանի հետ եւ կարգաւորելու սահմանային վէճը՝ խաղաղ ճանապարհով»:

 


comments

Advertisement