By Asbarez | Wednesday, 25 June 2014

Արժանթինի հայ համայնքը նամակ յղած է Հռոմի Ֆրանսիս պապին՝ խնդրելով անկէ միջամտել Սուրիոյ հակամարտութեան՝ համոզուած ըլլալով, որ պապի խօսքը կրնայ խաղաղութիւն բերել Միջին Արեւելքի հակամարտող տարածաշրջանէն ներս եւ ապահովել գաղթականներուն տուն վերադարձը:
«Արմէնփրէս»՝ վկայակոչելով Prensaarmenia.com կայքը, կը յայտնէ, թէ նամակին մէջ արժանթինահայերը ներկայացուցած են այն սարսափելի իրավիճակը, որուն մէջ յայտնուած են Սուրիոյ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնները:
«Քաղաքացիները կ՛ապրին ծայրայեղօրէն մտահոգիչ վիճակի մէջ: Մեծամասնութեամբ հայերով բնակուած Քեսապ քաղաքը յարձակումներու ենթարկուեցաւ Քաիտայի համակիր խմբաւորումներու կողմէ, որոնք Սուրիա ներխուժեցին Թուրքիոյ սահմանէն: Մարտ 24ի յարձակումներէն ետք քեսապահայութիւնը ստիպուած տեղահանուեցաւ եւ տեղաւորուեցաւ Լաթաքիոյ ապաստանները: Յունիս 2էն՝ Սուրիոյ նախագահական ընտրութիւններէն ետք, յարձակումներու թիրախ դարձած է Հալէպը: Նոյն զինուած խմբաւորումները հրթիռներ նետած են Նոր Գիւղի ուղղութեամբ, որ նոյնպէս մեծ մասամբ բնակուած է հայերով: Իշխանութիւնները տարածքը յայտարարած են աղէտի գօտի», գրուած է Հռոմի պապին ուղղուած նամակին մէջ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ