Սուրիական օդուժը կը ռմբակոծէ Իրաքի մէջ Իսլամ ծայրայեղականներու դիրքերը

By Asbarez | Wednesday, 25 June 2014

ՊԱՂՏԱՏ, «Էյ.Փի.».- Իրաքեան պետական աղբիւրներ Յունիս 25ին հաստատեցին, թէ սուրիական օդուժը ռմբակոծած է Իրաքի մէջ իսլամ ծայրայեղականներու դիրքեր։ Յունիս 24ի գիշերը հաղորդուեցաւ, որ Իրաքի ու Սուրիոյ սահմանին վրայ տեղակայուած իսլամ ծայրայեղականներու դիրքերը ռմբակոծուած են՝ խլելով քանի մը տասնեակ զոհեր։ Նախ պնդուեցաւ, որ այս ռմբակոծումները կատարուած են ամերիկեան օդանաւերու կողմէ, բայց Փենթակոնը հերքեց այս վերագրումը։ Յունիս 25ին, ամերիկեան աղբիւրներ հաւանական նկատեցին, որ ռմբակոծումը սուրիական օդուժին կողմէ իրականացուած է։


Լաւատեղեակ իրաքեան աղբիւրներ, լիբանանեան «Մուսթաքպալ» թերթին յայտնած են, որ Իրաքի եւ Սուրիոյ բանակներուն միջեւ գոյացած է իրանեան միջնորդութեամբ համաձայնութիւն մը, որ սուրիական օդուժին կ՛արտօնէ ռմբակոծել սահմանամերձ շրջաններու մէջ իսլամ զինեալներու դիրքերը: Ըստ համաձայնութեան՝ երկու երկիրներուն միջեւ զինեալներու շարժումներուն վերաբերեալ հետախուզական տեղեկութեանց փոխանակում տեղի պիտի ունենայ:

Միւս կողմէ, Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքի Յունիս 25ին յայտարարեց, թէ կը մերժէ հրաժարական ներկայացնել կամ ազգային փրկութեան կառավարութիւն մը կազմել: Նոյն օրը Պաղտատի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական արարք մը առնուազն 15 զոհ խլած է, մինչ Իրան-Իրաք սահմանին վրայ իրանեան պահականոցի մը վրայ յարձակումի մը հետեւանքով սպաննուած են երեք իրանցի սահմանապահներ։


comments

Advertisement