Փարիզի մէջ Հարիրի հանդիպումներ ունեցաւ Ֆապիւսի եւ Սլէյմանի հետ

By Asbarez | Wednesday, 25 June 2014

ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Յունիս 24ին Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւսի հետ: Ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:


Հարիրի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Լիբանանի նախորդ նախագահ Միշել Սլէյմանի հետ: Քննարկուեցան սահմանադրական շարք մը հարցեր, նախագահական ընտրութեան վերաբերող խնդիրներ, խորհրդարանին եւ կառավարութեան աշխատանքներուն հեզասահ ընթացքը ապահովող քայլեր, ինչպէս նաեւ Լիբանանը սադրանքներէ եւ ահաբեկչութեան հրդեհներէն փրկելու կարելիութիւնները:

Հարիրի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող պայթումները երկչոտ արարքներ են՝ գործուած այնպիսի խմբաւորումներու կողմէ, որոնք Լիբանանի մէջ պետութիւն չեն հանդուրժեր: Ան կոչ ուղղեց «Հըզպալլա»ին դուրս գալու Սուրիայէն՝ Լիբանանի դիմագրաւելիք աղէտներուն առաջքը առնելու համար:


comments

Advertisement