By Asbarez | Wednesday, 25 June 2014
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Պաքուի մէջ կայացած ռազմական ուսումնական հաստատութիւններու շրջանաւարտներու վկայականաց յանձնման արարողութեան ընթացքին, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով յայտարարած է, թէ Ատրպէյճանի բանակին նպատակն է հայկական երկրորդ պետութեան ստեղծման կանխարգիլումը՝ պնդելով, որ հայկական կողմը «ամէն օր» կը խախտէ հրադադարը, «բայց անոնր գործողութիւնները կը կանխարգիլուին եւ թշնամին կորուստներ կը կրէ»:
Նշենք, որ այս մէկը Ատրպէյճանի ռազմական գերատեսչութեան ղեկավարին առաջին հրապարակային ելոյթն է՝ Նախիջեւանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններէն ետք:
Մէկ շաբաթ առաջ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ հայկական ուժերը յաջողած են իրենց վերահսկողութիւնը հաստատել Հայաստան-Նախիջեւան սահմանագիծի æուլֆայի հատուածի շարք մը բարձունքներուն վրայ, որուն շնորհիւ՝ ինքնավար հանրապետութեան մայրաքաղաք Նախիջեւանը փաստօրէն կը գտնուի Հայաստանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումներու ուղղակի տեսանելիութեան դաշտին մէջ՝ մօտաւորապէս 30-35 քլմ. հեռաւորութեան վրայ: Շաբաթավերջին սահմանագիծի այդ հատուածը այցելած էր Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը:
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարը Նախիջեւանի իրադարձութեանց չէ անդրադարձած իր ելոյթին մէջ ու բաւարարուած է խօսելով բանակի «մարտունակութեան» մասին։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ