Թուրքիա Գրաւած Է Սուրիա Զէնք Փոխադրող Նաւ Մը

By Asbarez | Monday, 26 September 2011

ԱՆԳԱՐԱ, «Պի.Պի.Սի.».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ երկրին ծովուժը սուրիական դրօշ բարձրացուցած եւ զէնք ու զինամթերքով բեռնաւորուած նաւ մը գրաւած է: Ան չէ յայտնած, թէ ե՞րբ եւ ո՞ւր գրաւուած է նաւը, սակայն ընդգծած է, որ Թուրքիոյ տարածքով դէպի Սուրիա զէնքի մատակարարումը պիտի կասեցուի: Նշենք, որ թրքական «Հիւրրիյէ»չ թերթը անցեալ շաբաթ հաղորդած էր, որ Թուրքիա փակած է իր օդային տարածքը Սուրիոյ սպառազինութիւն մատակարարող օդանաւերուն դիմաց, իսկ Էրտողան նախագահ Պարաք Օպամայի հետ ունեցած իր հանդիպումէն ետք յայտարարած էր, որ Թուրքիա Սուրիոյ հետ իր երկխօսութիւնը ընդհատած է եւ Դամասկոսի դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներ հաստատելու մասին կը մտածէ:

Միւս կողմէ, «Սի.Էն.Էն.»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Էրտողան յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութիւնը «ուշ կամ կանուխ պիտի տապալի», պնդելով, թէ «կարելի չէ բռնի ուժով մնալ իշխանութեան վրայ»՝ տալով Եգիպտոսի, Թունուզի եւ Լիպիոյ օրինակները:

Խօսելով Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւններու վատթարացման մասին՝ ան յայտնեց, որ Թուրքիա Իսրայէլէն պահանջած էր ներումի հայց, վնասուց հատուցում եւ Կազայի շրջափակման վերացում, առանց որոնց՝ «յարաբերութիւնները երբե՛ք պիտի չվերադառնան իրենց բնականոնին»: Պատասխանելով Իրանի հիւլէական թղթածրարին վերաբերող հարցումի մը՝ Էրտողան հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ Իրան պիտի զրկուի հիւլէական արհեստագիտութիւն ունենալու իրաւունքէն, երբ շրջանին մէջ Իսրայէլ նոյնիսկ հիւլէական զէնքեր ունի:

Միւս կողմէ, թուրք պաշտօնատարներ «Հիւրրիյէ»չին յայտնած են, որ Սուրիոյ դէմ թրքական յաւելեալ պատժամիջոցները հաւանաբար յայտարարուին Հոկտեմբերի սկիզբը։ Ըստ աղբիւրներուն, պատժամիջոցներուն նպատակը Ասատի վարչակարգը տկարացնել պիտի ըլլայ ու ջանք պիտի տարուի, որ սուրիացի ժողովուրդը չվնասուի անոնցմէ։

comments

Advertisement