Բրիտանիա Իսլամ ծայրայեղականներու դէմ միացեալ ճակատ կազմելու կոչ կ՛ընէ Իրաքցիներուն

By Asbarez | Thursday, 26 June 2014

ՊԱՂՏԱՏ, «Էյ.Փի.».- Յունիս 26ին Պաղտատ այցելած Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլեըմ Հէյկ կոչ ըրաւ իրաքցիներուն, որ միացեալ ճակատ մը կազմելով՝ դէմ դնեն իսլամ ծայրայեղականներուն՝ զանոնք Իրաքի համար «մահացու վտանգ» մը նկատելով։


Մինչ այդ, Միացեալ Նահանգներու խոստացած զինուորական 300 խորհրդատուներէն 130ը, Պաղտատի մէջ եւ երկրին հիւսիսը, իրաքեան բանակին հետ միացեալ գործողութիւններու գրասենեակներ կը հաստատէ: Ամերիկացի պաշտօնատարներ յստակ դարձուցին, թէ ամերիկացի խորհրդատուները, ի պահանջեալ հարկին, կրնան ամերիկեան օդուժի օժանդակութիւնը խնդրել:

Նաեւ, Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքի Յունիս 26ին հաստատեց, որ սուրիական զինուորական օդանաւեր ռմբակոծած են իսլամ ծայրայեղականներու դիրքերը սահմանային շրջաններու մէջ:

Միւս կողմէ, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը հերքեց այն լուրը, թէ Իրան, քսան տարիէ ի վեր իր գրաւած իրաքեան 130 պատերազմական օդանաւերը Իրաքի վերադարձուցած է:

Բանբերը ըսաւ, որ այդ լուրը հերքած են նաեւ Իրաքի իշխանութիւնները եւ հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ Իրաքի մէջ կը կռուին իրանցի զինուորներ։


comments

Advertisement