Ալիեւ ներկայ կ՛ըլլայ ռազմափորձերու

By Asbarez | Thursday, 26 June 2014

 

 


ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ներկայ եղած է Ատրպէյճանի բանակի հիմնադրութեան տարեդարձին նուիրուած ռազմափորձերուն, որոնք կայացան պաշտպանութեան եւ ներքին նախարարութեանց, ինչպէս նաեւ սահմանապահ ուժերուն մասնակցութեամբ։

Ռազմափորձերուն ընթացքին, նախագահին բացատրութիւններ տուած է պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովը։ Ռազմափորձերուն մասնակցած են 4000 զինուոր, 80 հրասայլ, 100 զրահապատ մեքենայ, 80 հրթիռարձակ, 10 ռազմական օդանաւ եւ 20 ուղղաթիռ։

 


comments