By Asbarez | Thursday, 26 June 2014

ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- «Սի.Էն.Էն.»ի եւ «Նիւ Եորք Թայմզ»ի կատարած միացեալ հարցախոյզի արդիւնքներուն համաձայն՝ վերջին մէկ ամսուան ընթացքին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի արտաքին քաղաքականութենէն դժգոհ ամերիկացիներու թիւը կտրուկ կերպով աճած է: Օպամայի արտաքին քաղաքականութենէն այժմ դժգոհ է ամերիկացիներուն 58 առ հարիւրը, մինչ մէկ ամիս առաջ այդ համեմատութիւնը 48 առ հարիւր էր: Այս ընթացքին, Միացեալ Նահանգներ աշխուժօրէն մասնակցած է շարք մը տագնապներու, մասնաւորաբար՝ Ուքրանիոյ զարգացումներուն: Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութիւնը ճգնաժամ կը դիմագրաւէ Իրաքի մէջ, ուր յառաջխաղացք կ՛արձանագրեն իսլամ ծայրայեղականները: Ամերիկացիներու մեծ մասը կը սատարէ Իրաքի մէջ գտնուղ իսլամականներու թիրախներուն օդային հարուածներ հասցնելու գաղափարին:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ