By Asbarez | Thursday, 26 June 2014
ԱՆԳԱՐԱ.- Թրքական բանակի պաշտօնական կայքէջին վրայ տեղադրուած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, թէ Ատրպէյճանի զինուած մասնայատուկ ուժերէն 25 զինուորականներ, թրքական բանակի մարզիչներու օգնութեամբ՝ 6 շաբթուան մարզումներ կատարած են Թուրքիոյ մէջ: Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ թռիչքներու ընթացքին ատրպէյճանցի զինուորները մարզուած են հակառակորդի թիկունքէն հարուածելու: Վերոնշեալ հաղորդագրութեան վրայ հիմնուելով՝ ատրպէյճանական շարք մը լրատուամիջոցներ յայտնած են, թէ ատրպէյճանական բանակին մէջ կրնայ ստեղծուիլ օդային մասնայատուկ ուժերու գունդ մը՝ Թուրքիոյ աջակցութեամբ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ