Փութին Դարձեալ Նախագահի Թեկնածու

By Asbarez | Monday, 26 September 2011

ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ Կիրակի, Սեպտեմբեր 25ին, իշխող Միացեալ Ռուսիա կուսակցութեան խորհրդաժողովին ընթացքին յայտարարեց, թէ յառաջիկայ տարուան Մարտին կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն, «լաւ կ՛ըլլայ» եթէ կուսակցութեան թեկնածուն ըլլայ երկրին վարչապետ ու նախկին նախագահ Վլատիմիր Փութինը: Մետվետեւ յայտնեց, որ ինք պատրաստ պիտի ըլլայ գործելու իբրեւ վարչապետ, ապա Փութին պաշտօնապէս ընդունեց առաջարկը եւ աւելցուց, թէ այս գծով համաձայնութիւն մը գոյացած էր «քանի մը տարի առաջ»:

2000էն 2008, երկու նստաշրջաններու ընթացքին Ռուսիոյ նախագահութիւնը ստանձնած Փութինը նաեւ շեշտեց, որ «յարմար կը գտնէ», որ յառաջիկայ Դեկտեմբեր 4ին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին իշխող կուսակցութեան ցանկին նախագահէ Մետվետեւը: Կուսակցութիւնը կը փորձէ խորհրդարանին մէջ քուէներուն երկու երրորդին տիրանալ:

comments