By Asbarez | Thursday, 26 June 2014

ՊՈԼԻՍ.- Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացման քարոզարշաւի թրքական գլխաւոր ակադեմական կազմակերպութեան՝ Թրքական պատմութեան կաճառի ղեկավար Մեթին Հիւլակու, իր հրաժարականը ներկայացուցած է: Թրքական «Միլլիյէթ» թերթին տուած հարցազրոյցի մը մէջ ան նշած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին համար նախատեսուող շարք մը ուսումնասիրութիւններ եւ սեմինարներ կրնան անաւարտ մնալ, թուրք պատմաբաններուն միջեւ գումարներու բաշխման շուրջ բանավէճերուն պատճառով:
Թերթը կը յայտնէ նաեւ, որ Հիւլակուի հրաժարականէն ետք՝ հրաժարական ներկայացուցած են նաեւ Թուրքիոյ Աթաթուրքի անուան մշակոյթի, լեզուի եւ պատմութեան հիմնարկի Հայագիտութեան ամպիոնի 4 աշխատակիցներ, որոնցմէ դոկտ. Մուսա Շաշմազ յայտնած է, թէ 1915ի դէպքերուն առնչութեամբ վարչապետ Էրտողանի ցաւակցական ուղերձը դժուարութիւններ ստեղծած է հայագիտութեան ամպիոնի աշխատակիցներուն համար:
Յիշեցնենք, որ այս բաժինի պատմաբանները վերջերս կազմակերպած էին շարք մը միջոցառումներ ու գիտաժողովներ, որոնց նպատակը Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընդառաջ ուրացման արշաւը աշխուժացնել էր:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ