Տիգրան Սարգսեան կը նշանակուի Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի դեսպան

By Asbarez | Thursday, 26 June 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի ստորագրած հրամանագիրներով տարբեր երկիրներու մէջ կատարուեցան դեսպաններու նշանակումներ։


Նախկին վարչապետ Տիգրան Սարգսեան նշանակուած է Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպան։ Այլ հրամանագիրով մը Թաթուլ Մարգարեան ազատ կացուցուած է Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի դեսպանի պաշտօնէն:

Գրիգոր Յովհաննիսեան համատեղութեան կարգով նշանակուած է Հայաստանի դեսպան Մեքսիքայի, Փանամայի եւ Կուաթեմալայի մէջ։
Մուրադ Մուրադեան ազատ կացուցուած է Իրաքի մօտ դեսպանի պարտականութիւններէն:

 



comments