Մալիքի կ՛ողջունէ սահմանագիծին վրայ Սուրիական հարուածը

By Asbarez | Friday, 27 June 2014

ՊԱՂՏԱՏ.- Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքի «Պի.Պի.Սի.»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ թէեւ համակարգում գոյութիւն չունէր, սակայն ինք կը զօրակցի Իրաքի եւ Սուրիոյ միջեւ սահմանային անցքի մը վրայ իսլամ ծայրայեղական զինեալներուն դէմ կատարուած սուրիական օդային հարուածին: Հարուածը Քայիմ սահմանային անցքի մօտերը կատարուած էր։ Մալիքի ըսաւ, որ Իրաք 36 ամերիկեան ռազմական օդանաւեր գնած է, սակայն հոլովոյթը «դանդաղ եւ շատ երկարատեւ» եղած է: Ան աւելցուց, որ զինեալներուն յառաջխաղացքը կարելի պիտի ըլլար կանխարգիլել, եթէ օդանաւերը աւելի արագ յանձնուած ըլլային: Ան նաեւ ըսաւ, որ Իրաք ռուսական «Սուխոյ» տիպի գործածուած օդանաւեր պիտի գնէ Ռուսիայէն եւ Պելոռուսէն եւ անոնք քանի մը օրէն կրնան թռիչքներ կատարել Իրաքի վերեւը:
Միւս կողմէ, Իրաքի քրտական շրջանի ղեկավար Մասուտ Պարզանի Քերքուք այցելեց: Այս ամիս քրտական ուժերը այդ քաղաքը գրաւեցին, երբ իրաքեան ուժերը իսլամական յառաջխաղացքին առջեւ փախուստի դիմեցին: Պարզանի յայտարարեց. «Եթէ պէտք ըլլայ, մեր բոլոր ուժերը պիտի բերենք պահելու համար Քերքուքը»:



comments

Advertisement