Էդուարդ Նալբանդեանի հանդիպումը ԵԱՀԿ անդամ պետութիւններու դեսպաններուն հետ

By Asbarez | Tuesday, 01 July 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ.– Երեւանի մէջ ԵԱՀԿ գրասենեակի ղեկավարին նախաձեռնութեամբ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 1 Յուլիսին աշխատանքային ճաշ ունեցած է Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած ԵԱՀԿ անդամ պետութիւններու դեսպաններուն հետ:


Հանդիպման ընթացքին ամփոփուած են ԵԱՀԿ գործող նախագահ, Զուիցերիոյ նախագահ Տիտյէ Պուրքհալթըրի Հայաստան կատարած այցելութեան արդիւնքները, քննարկուած են ԵԱՀԿ օրակարգային հարցերը, անդրադարձ կատարուած է ԵԱՀԿ տարածաշրջանին մէջ եւ անմիջական հարեւանութեամբ տեղի ունեցող զարգացումներուն:

Նախարար Նալբանդեան ներկայացուցած է Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու միացեալ ջանքերը՝ ուղղուած ղարաբաղեան հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման:

Հանդիպման օրակարգին վրայ էին ԵԱՀԿ տարածաշրջանին մէջ առկայ խնդիրները, անոնց հանգուցալուծման ուղիները եւ այդ գործընթացներուն մէջ ԵԱՀԿի դերակատարութիւնը:

 


comments