By Asbarez | Tuesday, 01 July 2014
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերու օգնականի տեղակալ Պրենթ Հարթլի, ելոյթ ունենալով Վիեննայի մէջ կայացող եւ ապահովական հարցերու նուիրուած ԵԱՀԿի խորհրդաժողովին ընթացքին՝ կոչ ըրած է Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին աշխուժացնելու Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղուած ջանքերը։
Ըստ ատրպէյճանական «Թուրան» լրատուական գօրծակալութեան՝ Հարթլի աւելցուցած է. «Յոյս ունինք, որ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի նախագահները կ՛ընդունին Փարիզի մէջ մօտիկ ապագային հանդիպելու Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի առաջարկը: Բանակցութիւնները աւելի առարկայական դարձնելու Զուիցերիոյ նախագահ Տիտիէ Պուրխալթերի կոչը եւս առիթ կ՛ընծայէ կողմերուն՝ խաղաղութեան գործընթացը արագացնելու»:
Հարթլի ընդգծած է, որ ժողովրդային դիւանագիտութեան ուղղութեամբ ջանքերը նոյնպէս կրնան օգնել հակամարտութեան կարգաւորման: Հարթլի աւելցուցած է, որ, Ամերիկան կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ Արցախի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ