Հայաստան Եւրասիական Միութեան անդամ պիտի դառնայ մօտիկ ապագային

By Asbarez | Tuesday, 01 July 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Երեքշաբթի, Յուլիս 1ին յոյս յայտնած է, որ Հայաստան Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ պիտի դառնայ ամենամօտիկ ապագային:


Ըստ «Իթար-Թասս» լրատու գործակալութեան՝ Փութին այս յայտարարութիւնը կատարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մօտ՝ դեսպաններու եւ մնայուն ներկայացուցիչներու հետ իր հանդիպման ընթացքին: Հանդիպման հիմնական նիւթը Ռուսիոյ ազգային շահերու պաշտպանութիւնը եղած է:
Յիշեցնենք, որ Յունիս 30ին, Փութին ստորագրած էր դէպի Հայաստան բնական կազ, քարիւղ եւ չմշակուած բնական ադամանդներ արտահանելու ոլորտին մէջ համագործակցութեան համաձայնագիրը, ըստ որուն՝ Ռուսիայէն Հայաստան արտածուող նման ապրանքներու վրայ տուրքեր պիտի չըլլան:


comments