By Asbarez | Wednesday, 02 July 2014
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– 2 Յուլիսին աւարտեցաւ ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողովի 23րդ տարեկան նստաշրջանը, որ տեղի կ՛ունենար Պաքուի մէջ։
Հայաստանեան պատուիրակութեան անդամ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան «Երկիր»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած է, որ արդէն ընդունուած է վեհաժողովի ամփոփիչ՝ Պաքուի հռչակագիրը, որուն մէջ ներառուած են հայկական պատուիրակութեան բոլոր՝ նախապէս կատարուած ու ընդունուած առաջարկները: Ան տեղեկացուցած է, որ հռչակագիրին մէջ կային քանի մը կէտեր մարդու իրաւունքներու վերաբերեալ եւ այլն, որոնց Ատրպէյճան դէմ էր, սակայն անոնք ալ նկատի առնուեցան։ «Մեր առաջարկութիւնները կոմիտէների արձանագրութիւններիում նշուած բոլոր առաջարկութիւններն են, որովհետեւ կոմիտէներում ընդունուած արձանագրութիւնները վերջում մտնում են հռչակագրի մէջ: Ի հարկէ, կարող է այնտեղ ինչ-որ բան փոխուած լինել, բայց ամէն ինչ նոյնութեամբ մնացել էր, ու այդ իմաստով ամէն ինչ նորմալ էր, յատուկ բան չկայ: Աւարտեցինք մեր սուրը փառքով դրեցինք պատեան: Սովորական ԵԱՀԿ լիակատար տարեկան նստաշրջան էր», նշած է Աղուան Վարդանեան:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ