By Asbarez | Wednesday, 02 July 2014
Կիրակի, Յունիս 29ին Սթոքհոլմի հայկական կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ Շուէտի մէջ Հայ Դատի յանձնախումբի կազմութեան պաշտօնական յայտարարութիւնը: Միջոցառումը իրենց ներկայութեամբ պատուած էին ՀՀ դեսպան Արտակ Աբիդոնեան, հիւպատոս Դաւիթ Մանուկեան, հայկական միութիւններու համադրող կեդրոնի նախագահ Կառլէն Մանսուրեան, ՀՅԴ Շուէտի կոմիտէի ներկայացուցիչ Արմենակ Մահտէսեան եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ:
Նախ խօսք առաւ Արմենակ Մահտէսեան, որ Հայ Դատի յանձնախումբի կազմութիւնը Շուէտի հայկական համայնքին համար պատմական իրադարձութիւն մը նկատեց: Ապա, իր կարգին ՀՀ դեսպանը իր շնորհաւորական մաղթանքը ուղղեց յանձնախումբի անդամներուն, իր համոզումը յայտնելով, որ դեսպանութիւն եւ Հայ Դատի յանձնախումբ սերտ գործակցութիւն պիտի ունենան մեր ազգային խնդիրներուն շուրջ:
Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան, բացատրելէ ետք նոր կազմուող ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերուն կարեւորութիւնը՝ շեշտեց, թէ վերջին ութ ամիսներուն ընթացքին Շուէտինը Հայ Դատի յանձնախումբի չորրորդ կազմութիւնն է, Ռումանիոյ, Լեհաստանի, եւ Աւստրիոյ յանձնախումբերու կազմութենէն ետք: Ան աւելցուց, թէ այս գործընթացը պիտի շարունակուի եւ մինչեւ տարեվերջ պիտի կազմուին երկու նոր յանձնախումբեր եւս: Ան հանգամանօրէն ներկայացնելէ ետք ներկայիս մեր ժողովուրդի դիմագրաւած ազգային գերխնդիրներն ու մարտահրաւէրները, իր համոզումը յայտնեց, թէ Հայ Դատի յանձնախումբերու ցանցի ընդլայնումով եւ նուիր-եալ անձերու մասնակցութեամբ, Հայ Դատի աշխատանքներու իրագործումը եւ մեր հիմնախնդիրներու հետապնդումը աւելի լայն կերպով ծրագրուած կարելի պիտի ըլլայ աւելի մեծ թիւով երկիրներու մէջ համակարգուած ձեւով զանոնք ընթացքի մէջ դնելու: Գասպար Կարապետեան յաջողութիւն մաղթեց նոր յանձնախումբի անդամներուն, յայտնելով, թէ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը ամէն կերպ պիտի զօրակցի իրենց աշխատանքներուն:
Յանձնախումբի ատենապետ Արշակ Գաւաֆեան հաւաստիացուց, թէ Հայ Դատի յանձնախումբը կարելին պիտի ընէ արդարացնելու իր առաքելութիւնը, եւ արդէն անմիջապէս պիտի մշակուի կարճաժամկէտ ծրագիր ի տես Շուէտի խորհրդարանական ընտրութիւններուն, որոնք տեղի պիտի ունենան Սեպտեմբերին: Շուտով նաեւ պիտի մշակուի յանձնախումբի գործունէութեան ամբողջական ծրագիրը: Ան խնդրեց նաեւ միութիւններու ներկայացուցիչներէն, որ զօրավիգ կանգնին յանձնախումբի աշխատանքներուն:
Հանդիպումի աւարտին տեղի ունեցաւ զրոյց, որուն ընթացքին Գասպար Կարապետեան մանրամասնօրէն պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:
ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ
ՅԱՆՁՆԽՈՒՄԲԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ