Ռուհանի կոչ կ՛ընէ դրացի երկիրներուն՝ բարեկամական յարաբերութիւններ մշակելու

By Asbarez | Wednesday, 02 July 2014

 

ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի կոչ ուղղեց բոլոր դրացի երկիրներուն երկխօսութեան եւ բարի դրացիութեան վրայ հիմնուած բարեկամական յարաբերութիւններ մշակելու՝ ի շահ իրենց ժողովուրդներուն եւ շրջանին:


Ռուհանի ըսաւ. «Հակառակ անոր, որ մէկ-երկու պետութիւն տակաւին բարեկամական յարաբերութիւններու փափաք չեն յայտնած, սակայն մենք յղեցինք ցուցանիշներ, որոնք անոնց հետ լաւ յարաբերութիւններ հաստատելու մեր նախանձախնդրութիւնը կը հաստատեն»:


comments