By Asbarez | Monday, 07 July 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կազմող արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 6 Յուլիսին Պուէնոս Այրեսի մէջ հանդիպում ունեցած է արժանթինցի իր պաշտօնակիցին Հեքթոր Մարքոս Թիմերմանի հետ:
Նախարարներ Նալբանդեանն ու Թիմերմանը վստահութիւն յայտնած են այն մասին, որ նախագահ Սարգսեանի պաշտօնական այցելութիւնը նոր խթան պիտի հաղորդէ տարբեր ոլորտներու մէջ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան ընդլայնման:
Զրոյցին ընթացքին նախարարները ջերմութեամբ վերյիշած են Պուէնոս Այրեսի եւ Երեւանի մէջ, նաեւ տարբեր միջազգային համաժողովներու ծիրին մէջ իրենց ունեցած հանդիպումները եւ գոհունակութեամբ արձանագրած, որ անոնց ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները կեանքի կոչուած են արդէն:
Երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման տեսանկիւնէն, նախարարները կարեւոր նկատած են բազմահազար հաշուող արժանթինահայ համայնքին դերակատարութիւնը: Խօսելով հայ-արժանթինական յարաբերութիւններուն մասին՝ նախարար Նալբանդեան նշած է, թէ այն փաստը, որ Լատինական Ամերիկայի մէջ Հայաստան իր առաջին դեսպանատունը բացած է Պունէոս Այրեսի մէջ, կը վկայէ այն կարեւորութեան մասին, զոր Հայաստան կու տայ Արժանթինի հետ փոխգործակցութեան զարգացման:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակարգային հարցեր, միտքեր փոխանակուած են միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ համագործակցութեան սերտացման շուրջ, անդրադարձ կատարուած է միջազգային խնդիրներու:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ