«Էրտողանէն անակնկալներ ակնկալելի են». Կիրօ Մանոյեան

By Asbarez | Monday, 07 July 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ.- Թուրքիոյ մէջ Օգոստոսին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններէն եւ նախագահի հիմնական թեկնածուի՝ գործող վարչապետին ընտրուելէն ետք Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ ոչ մէկ փոփոխութիւն կարելի է ակնկալել: Այս մասին լրագրողներուն յայտնեց ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:


Ան մանրամասնեց, որ յատկապէս ընտրութիւններու նախօրեակին հաստատ ոչինչ պիտի ըլլայ, իսկ 2015ի նախօրեակին Թուրքիոյ կողմէ որեւէ լուրջ քայլ պիտի չկատարուի Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու առումով:

«Բայց պէտք չէ զարմանալ, որ պիտի ըլլան շատ աւելի ձեւական քայլեր՝ ցոյց տալու, թէ որոշ հոլովոյթ կայ, որ իբրեւ թէ Թուրքիա կը փորձէ որոշ դրական քայլեր ցոյց տալ հայութեան եւ Հայաստանի նկատմամբ: Բայց անոնք ընդամէնը շղարշներ են եւ ոչ մէկ լուրջ փոփոխութիւն պէտք է ակնկալել: Ընդհակառակն՝ մենք պատրաստ պէտք է ըլլանք այսպիսի անակնկալներու հակադարձելու, որպէսզի աշխարհը ճիշդ հասկնայ, թէ Թուրքիա իրականութեան մէջ ի՛նչ կ՛ընէ», նշեց Մանոյեան:

Անդրադառնալով այն հարցումին, որ այսինքն Էրտողան 24 Ապրիլին Երեւան պիտի չգա՞յ, ընդառաջելով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրին՝ Ցեղասպանութեան 100ամեայ տարելիցին այցելելու Ծիծեռնակաբերդ, Մանոյեան յայտնեց հետեւեալը. «Չեմ կրնար վստահ ըսել՝ ոչ, որովհետեւ Էրտողանէն կամ այս իշխանութիւններէն անակնկալներ ակնկալելի են: Բայց եթէ նոյնիսկ ընդունի Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին հրաւէրը՝ այցելելու Ծիծեռնակաբերդ, ապա ոչ այն ձեւով, ինչպէս Սերժ Սարգսեան կը ցանկար, որ ընդունի»: Մանոյեան իր միտքը պարզեց պատմութեան այն օրինակով, երբ մինչեւ 90ականներու սկիզբը աշխատանք կը տարուէր, որ Թուրքիոյ ազգայնականներու՝ Գորշ քայլերու ղեկավար Արփասլան Թուրքեշը այցելէ Ծիծեռնակաբերդ եւ ծաղկեպսակ զետեղէ, բայց ինք այդ ծաղկեպսակը պէտք է նուիրէր Համաշխարհային Ա. պատերազմի բոլոր զոհերու յիշատակին:

«Եթէ Թուրքեշը այդ մօտեցումը ունեցած է, ես չեմ զարմանար, որ Էրտողանն ալ նոյն ձեւով փորձէ վարուիլ եւ այցելէ եւ ծաղկեպսակ զետեղէ ոչ թէ ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին համար, այլ այսպէս ըսած, «միացեալ ցաւի», «հասարակաց ցաւի», «արդար յիշողութեան» համար՝ շատ կեղծ եւ անարդար մօտեցումներով: Անոր համար չեմ կրնար հաստատել, որ պիտի չգայ, բայց որ Ցեղասպանութիւնը չճանչնայ, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ չհաստատէ, անոր համոզուած եմ», շեշտեց Կիրօ Մանոյեան:

 


comments

Advertisement