Ըստ «Թարաֆ»ի՝ Էրտողան հրահանգած է բանալ Թուրքիա-Հայաստան սահմանը

By Asbarez | Monday, 07 July 2014

 

ԱՆԳԱՐԱ.- Թրքական «Թարաֆ» օրաթերթին մէջ անցեալ շաբաթ լոյս տեսած յօդուած մը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութան նախագահական թեկնածու, վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան մտադիր է շարունակել Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը եւ այս ուղղութեամբ կատարել երկրորդ քայլը՝ բանալ Հայաստանի հետ սահմանը: Կայքը գրած է, որ 23 Ապրիլին Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ հայերուն ուղղուած՝ Էրտողանի ուղերձը առաջին քայլն էր, որուն յաջորդած է քայլ մը եւս:


«Էրտողանը պատրաստ է բանալու 1993ին Ղարաբաղի ճգնաժամին պատճառով փակուած Ալիջան սահմանային անցքի կէտը: Վարչապետը տուած է իր հրամանը», գրած է «Թարաֆ»՝ աւելցնելով, թէ կ՛ակնկալուի, որ Հայաստան-Թուրքիա սահմանը բացուի Սեպտեմբերին:

«Թարաֆ» գրած է, որ Թուրքիան այս պահուս ունի սահմանային գործօն 30 անցակէտեր. հայ-թրքականը պիտի ըլլայ 31րդը:

«Թուրքիոյ կողմէ սահմանը բանալու պարագային, հայկական կողմը նոյնպէս պիտի բանայ սահմանը: Այս հարցին շուրջ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ տեղի ունեցած են հանդիպումներ, որոնք սկսած էին 2012ին: Այս ընթացքին դէպի Ալիջանի սահմանակէտը երկարող շուրջ 7 քիլոմեթր ճամբան վերանորոգուած եւ ասֆալթապատուած է: Սահմանակէտը թեքնիք գետնի վրայ վերազինուած է մաքսային ծառայութեան համար անհրաժեշտ սարքաւորումներով», եզրափակած է օրաթերթը:

Ատրպէյճանական «ԱՓԱ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն տեղեկացած է, թէ տարածուած լուրերը՝ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ սահմանային անցքի բացումին մասին, չեն համապատասխաներ իրականութեան՝ աւելցնելով, որ նախարարութեան անունով այս մասին պաշտօնական յայտարարութիւն չկայ:

 


comments

Advertisement