By Asbarez | Monday, 07 July 2014

ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Կիւրսել Թեքին յայտնած է, թէ Յունիս 2012ին վար առնուած թրքական օդուժի «Էֆ. 4» ռմբաձիգը սուրիական ուժերուն կողմէ վար չէ առնուած: Օրին Թուրքիա սուրիական ուժերը ամբաստանած էր միջազգային օդային տարածքին մէջ իր օդանաւը հարուածելու յանցանքով, սակայն Սուրիա մերժեց ամբաստանութիւնը։
Ըստ թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթին՝ Թեքին գրաւոր դիմում մը ուղղած է պաշտպանութեան նախարար Իսմեթ Եըլմազի եւ յայտնած, որ դէպքին շուրջ կառավարութեան գաղտնապահութեան որոշումը պէտք է հարցականի տակ առնուի:
Թեքին ըսած է, որ դէպքին վերաբերեալ որոշ տեղեկութիւններ ունի, սակայն չի կրնար զանոնք հրապարակել՝ գաղտնապահութեան հրամանին պատճառով:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ