By Asbarez | Tuesday, 08 July 2014
ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԵՍ.- Պաշտօնական այցելութեամբ Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրես կը գտնուի ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Երկուշաբթի 7 Յուլիսին, նախագահը հանդիպում ունեցաւ Արժանթինի հանրապետութեան փոխնախագահ, Ծերակոյտի նախագահ Ամատօ Պուդուի հետ:
Արժանթինի նախագահ Քրիսթինա Ֆերնանտեզ Տէ Քիրշներ առողջական պատճառներով անկարող եղած էր ինք անձամբ հանդիպելու նախագահ Սարգսեանի հետ, հետեւաբար երկկողմ յարաբերութիւնները կայացան Արժանթինի հանրապետութեան փոխնախագահին հետ: Նախագահ Ֆերնանտեզ Տէ Քիրշներ առողջական խնդիրներուն պատճառով ջնջած էր իր մասնակցութեամբ նախատեսուած բոլոր պաշտօնական հանդիպումները, ինչպէս եւ 9 Յուլիսին երկրի ազգային տօնի կապակցութեամբ կազմակերպուած միջոցառումները:
Հայաստանի եւ Արժանթինի բարձրաստիճան հանդիպումներուն ընթացքին շեշտուեցաւ հայ-արժանթինեան բարեկամութեան բարձր մակարդակը եւ այդ բարեկամութիւնը գործնական հարթութիւն տեղափոխելու փոխադարձ պատրաստակամութիւնը: Արժանթինի փոխնախագահը դրուատանքի խօսքերով արտայայտուեցաւ արժանթինահայ գաղութի մասին, ըսելով թէ ոչ միայն մեծ, այլեւ ազդեցիկ գաղութ է եւ մեծ դեր ունի հայ-արժանթինեան կապերու սերտացման գործին մէջ: Ան ընդգծեց նաեւ, որ հակառակ երկու երկիրներու հեռաւորութեան, երկու ժողովուրդներուն միջեւ ջերմ բարեկամական կապեր գոյութիւն ունին:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ